2012-10-22 16:19:25

Թեզէի Վանահայրը Ցաւ Կը Յայտնէ Ի Տես Քրիստոնեաներուն Բաժանումին`


Քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը արգելք է հաւատքի ծաւալումին կը հաստատէ եղբայր Ալուէ Նոր աւետարանացումի նիւթով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։
Թեզէի համամիութենական հասարակութեան աբբահայրը` եղբայր Ալուէ խօսելով եկեղեցւոյ մասին ըսաւ երբ հրապարակաւ միասնաբար կը դաւանանինք մեր հաւատքը Քրիստոսի մէջ, Աւետարանը անգամ մը եւս կը ճառագայթէ բոլոր անոնց աչքերուն մէջ որոնք դժուարութիւն ունին հաւատալու։ Ան ապա հաստատեց թէ նոր սերունդի քրիստոնեաներուն իղձն է կանխել միութիւնը։
Յայտնենք որ եղբայր Ալուէ որ ներկայիս կը՝ մասնակցի նոր աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներուն, յառաջիկայ դեկտեմբեր 28-2 յունուար 2013, Հռոմ պիտի վերադառնայ գլխաւորելու համար եւրոպացի երիտասարդներու տարեկան հաւաքը, որուն կը նախատեսուի տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութիւնը, եկած Եւրոպայի զանազան երկիրներէն, ներեռեալ Հայաստանէն։
Դեկտեմբեր 29ին երեկոյեան, ս. Պետրոս Պազիլիքային մէջ, նախատեսուած է երիտասարդներու հսկումի հաւաք աղօթելու` Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին։ Յայտնենք որ Եւրոպայի երիտասարդներու հաւաքը սկիզբ առած է 1978-ին եղբայր Ռոժէ Շուլցի նախաձեռնութեամբ, Թեզէի համամիութենական հասարակութեան հիմնադիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.